Meeting with Canada’s Minister of Foreign Affairs, the Honorable Stéphane Dion

April 26, 2016

H1

Հանդիպում Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Սթէֆան Տիօնի հետ

ՄՈՆԹՐԷԱԼ : Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին ՀԲԸՄի Ատենապետ պրն. Շահէ Թանաշեան եւ Վարչութեան անդամ, Գանատահայ Քաղաքական Յարաբերութեանց Յանձնաժողովի պատասխանատու ՝ պրն. Յակոբ Արսլանեան հանդիպում մը ունեցան Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ տիար Սթէֆան Տիօնի հետ, ՀԲԸՄի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին մէջ:

Պրն. Թանաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Տիօնին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակին առիթով Գանատայի Վարչապետ Ն.Վ. պրն․ Ճասթին Թրուտոյի կատարած յայտարարութեան համար: Քննարկուեցաւ Գանատա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւնները յուզող հարցեր եւ այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարներ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ապրիլ ամսուայ սկիզբին Ազրպէյճանի ծաւալած զինուորական գործողութեան: Այս առիթով, պրն. Թանաշեան խնդրեց Արտաքին Գործոց Նախարարէն, որ Գանատան յստակ ու անփոփոխ դիրքորոշում մը որդեգրէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն ի պատասխան, եւ ոչ միայն կրակմարի կոչ ուղղէ, այլեւ՝ դատապարտէ շարունակուող վայրագ յարձակումները, որոնք կը խախտեն 1994-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութիւնը:

Գանատան պէտք է վճռակամօրէն դատապարտէ որեւէ վայրագութիւն եւ այս պարագային կոչ ուղղէ Ազրպէյճանին՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին հովանաւորութեամբ եւ բանակցութեան սեղանին շուրջ, խաղաղ լուծում մը գտնելու այս հակամարտութեան։

Meeting with Canada’s Minister of Foreign Affairs, the Honorable Stéphane Dion

On Friday, April 22, 2016, Chairman of AGBU Chahe Tanachian and Board Member in charge of the Canadian Armenian Political Affairs Committee (CAPAC) Hagop Arslanian met with the Honorable Stéphane Dion, the Foreign Minister of Canada at the AGBU Center in Montreal.

Mr. Tanachian thanked Minister Dion for the statement made by the Right Honorable Justin Trudeau on the occasion of the 101st anniversary of the Armenian Genocide.

Bilateral relations between Canada and Armenia were discussed and ways to further develop the friendly ties between the two countries. The Nagorno-Karabakh conflict was also discussed. Mr. Tanachian urged the honorable foreign minister to take a firm stance on the recent Azeri aggression on Nagorno-Karabakh and to not only call upon the sides to immediately cease fire but to also condemn the military actions initiated by Azerbaijan a few weeks ago.

Canada must firmly condemn any sort of violence and ask Azerbaijan to return to the negotiating table under the auspices of the OSCE Minsk Group in order to find a peaceful settlement to this conflict.