Committees Annual Brunch-Meeting

February 3, 2020

Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին հրաւէրով ՀԲԸՄ Մոնթրէալի Գործադիր Վարչութեան, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Միութեան Կեդրոնէն ներս գործող յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու հետ նախագահութեամբ՝ Տիար Շահէ Թանաշեանի:

Պրն. Թանաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորի նուիրումին, ծառայութեան եւ յանձնառութեան համար: Ան աւելցուց, «Շնորհիւ մեր կամաւորներու աշխատանքին, անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին կարելի եղաւ արդիւնաւէտ ծառայել մեր համայնքին»: Տարիներ առաջ, Գործադիր Վարչութիւնը իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուց երիտասարդաց ծրագիրները: Այսօր, կարելի է հպարտութեամբ նշել, որ մեր Միութեան յարկէն ներս գործող տասնեօթ յանձնախումբերու տասն՝ երիտասարդաց վերաբերող նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ են:

Սոյն հանդիպումը առիթ ստեղծեց քննարկելու Կեդրոնի անցած շրջանի գործունէութեան առնչուող հարցեր, բացթողումներ եւ իրագործումներ: Ինքնաքննադատութեան, սիրոյ ու համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպումը խրախուսեց ներկաները՝ նուիրումով եւ յանձնառութեամբ ծառայել հայ ժողովուրդին, առաւել աշխուժացնել ՀԲԸՄի ներկայութիւնը մեր համայնքի կեանքէն ներս եւ առհասարակ, Գանատայի մէջ:

****

Upon the invitation of the Executive Board, 50 representatives from 17 committees working under AGBU Montreal held their annual meeting, chaired by Mr. Chahé Tanachian.

Mr. Tanachian thanked all those present for their passionate work and commitment. He added that «It is thanks to our volunteers that we have been able, in the past few years, to reach more and more people in our community by fulfilling their needs and interests».

Few years ago, the Board had a major objective to increase its focus on youth programs. Today, we are proud to underline that 10 out of our 17 committees run youth-oriented programs and initiatives. Each committee took the floor and presented their work, accomplishments and challenges. All members present expressed their happiness in hearing out their colleagues and being able to share their own experiences together.

The meeting ended with a focus on the future and ways to advance our mission in benefit of the community.

Aragast Bridge GARNI2 Hayortyats Ladies Meeting-Brunch 2-2-2020 (92) Miyoutian Scout Dance YP Web