March 8, 2020: AGBU Celebrates International Women’s Day

March 11, 2020

Hundreds of guests came together for a brunch celebrating achievements in women’s rights as well as setting the stage to continue pushing for equality and respect for women across the globe.

Alumnus of the Alex Manoogian School and an active AGBU member, Julie Akilian welcomed the guests in French and Armenian as MC of the event. Mrs. Marina Bechakjian, Chair of the AGBU Ladies Committee, made opening remarks and thanked everyone for supporting this significant cause.

The event was held under the auspices of Her Excellency Anahit Harutyunyan, Ambassador of Armenia to Canada and under the presidency of Mrs. Anahit Manoukian, Chair of the AGBU “Hayortyats Or” Program. A special statement sent by the Ambassador was read, which congratulated Mrs. Manoukian for her support and advocacy on this important occasion.

Member of the Canadian Parliament Emmanuella Lambropoulos was present and read the official letter sent by the Prime Minister of Canada, the Right Honorable Justin Trudeau, congratulating AGBU for organizing such an important event.

City Councilwoman of Laval Sandra El-Helou also took the stage and congratulated everyone on International Women’s Day. She stated that her wish was to see women’s rights advance to a point where there will not be a need to hold a specific day for it.

The Honorary President of the day, Mrs. Anahid Manoukian, made heartfelt remarks and thanked the AGBU for giving her this opportunity.

Finally, AGBU Montreal Chairman Chahé Tanachian congratulated the event organizers and stated that women’s rights should not only be celebrated or talked about, but specific actions need to be taken to bring about real change in our societies. He encouraged participants to be proud that the AGBU has made this issue one of its priorities and is doing its share in Armenia to improve the lives of so many women.

A moving cultural program followed, which included music played on the traditional qanun instrument, on violin as well as dances performed by the Garni Dance Ensemble.

*******

Կիրակի, 8 Մարտ, 2020-ին հարիւրաւոր անդամներ, համակիրներ հաւաքուած էին Լաւալի Բալաս սրահէն ներս, ՀԲԸՄի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած Կանանց Միջազգային Օրուան առիթով: Ձեռնարկը կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան  Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանին եւ նախագահութիւնը՝ Տիկ. Անահիտ Մանուկեանին:

Կանանց Միջազգային Օրը առիթ մըն է տօնախմբելու իգական սեռի իրագործումներն ու նուաճումները մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

Ձեռնարկի հանդիսավարուհի՝ Ժիւլի Աքիլեանը բարի գալուստի ջերմ խօսքերէ ետք բեմ հրաւիրեց Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Մարինա Պչաքճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն այս կարեւոր միջոցառումը քաջալերելու համար:

Ապա, Գանատայի Խորհրդարանի անդամ, Երեսփոխան Էմմանուէլլա Լամպրոբուլոս, իր գնահատական ջերմ խօսքերէն ետք ընթերցեց Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի շնորհաւորագիրը՝ յատկապէս ուղղուած ՀԲԸՄի Տիկնանց Յանձնախումբին եւ այս ձեռնարկի ներկայ անդամներուն:

Լաւալի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ,  Քաղաքապետի ներկայացուցիչ՝ Սանտրա Ալ-Հըլու, ընթերցեց Քաղաքապետ Մարք Տեմերսի շնորհաւորական ուղերձը: Ապա, իր սրտի խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ կանայք աշխարհի չորս դին կ’ունենան իրենց արժանի տեղն ու դերը:

Օրուան նախագահուհին էր Տիկ. Անահիտ Մանուկեանը, որ Պէյրութէն մինչեւ Մանչեսթըր եւ այժմ Մոնթրէալ մեծ նուիրումով կը շարունակէ ծառայել հայկական սփիւռքի մէջ գործող տարբեր կառոյցներու: Հայ Եկեղեցին, Հայ Դպրոցը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը Տիկ. Անահիտի կամաւոր ծառայութեան գլխաւոր կեդրոնները եղած են: Այժմ, ան Ատենապետուհին է ՀԲԸՄի «Հայորդեաց Օր» Շաբաթօրեայ Դպրոցի  Հոգաբարձութեան: Տիկ. Մանուկեան խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին այս աննախընթաց ձեռնարկին համար, բարձր գնահատեց կազմակերպիչ կանանց մարմնին աշխատանքը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ներկաները:

Միութեանս Ատենապետ Տիար Շահէ Թանաշեան,  իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհաւորական եւ շնորհակալական մաղթանքներ կատարեց ներկայ պետական հիւրերուն, միութենական վարչականներուն, գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներուն ու հանրութեան եւ շեշտեց թէ ՀԲԸՄը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, սատար կը հանդիսանայ կանանց հզօրացման բոլոր ծրագիրներուն:

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով, մասնակցութեամբ՝ Տիկ. Սրբուհի Գնջոյանի քանոն, Տիկ. Եւա Շահպազեանի ջութակ եւ ՀԲԸՄի Գառնի պարախումբի: