AGBU Executive Board 2020 Year-End message

April 13, 2021

ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

AGBU - Yearbook 20-21 HR_Page_001

 

Ժողովուրդին Ծառայելու Ճանապարհին

Թագաժահրի, Լիբանանեան Տագնապի եւ Արցախեան Պատերազմի Ծանր Ժամանակներուն

 

2020 տարեշրջանը, մարդկութեան պատմութեան մէջ անկանխատեսելի մարտահրաւէրներով լեցուն տարի մըն էր: Թագաժահրի համավարակին յառաջացուցած դժուարութիւնները, ընկերային յարաբերութիւններու սահմանափակումը, առցանց աշխարհի սրընթաց իրականացումը  ապրելու  նոր  կերպ ու ոճ պարտադրեցին բոլորիս:

ՀԲԸՄ Մոնթրէալը 2020 տարին սկսաւ  բաւական աշխոյժ: Յունուար ամսուն տեղի ունեցաւ մեր տարեկան ընդհանուր ժողովը, մասնակցութեամբ բոլոր ենթայանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն: Փետրուար ամսուն՝ ԳԱՌՆԻ պարախումբը բացառիկ ելոյթ ունեցաւ ութ հարիւրէ աւելի հանդիսատեսներու առաջ եւ Մարտ ամսուն՝ Կանանց Յանձնախումբը աննախընթաց  յաջողութեամբ կազմակերպեց Կանանց Միջազգային Օրուան նուիրուած միջոցառումը,  մասնակցութեամբ երեք հարիւր ներկաներու:

Հակառակ մեր նախատեսած բազմածաւալ գործունէութեան, թագաժահրը կասեցուց մեր աշխատանքը եւ այդ պատճառով, մեր ամբողջ ներուժը կեդրոնացուցինք կազմակերպելու մարդասիրական նախաձեռնութիւններ, օգնութեան հասնելով մեր համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Ապրիլ-Յունիս ամիսներու ընթացքին, երկշաբաթեայ դրութեամբ հազար հինգ հարիւր մարդասիրական օգնութիւն (1500 Food Boxes) տրամադրեցինք կարիքաւորներուն:  Միաժամանակ, մատակարարեցինք  հազար տաք ճաշ (1000 Hot Meals) անօգնական-անտուն մարդկանց (Homeless) եւ Մոնթրէալի Կանանց Պատսպարանին (Montreal Women’s Shelter):

Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն, մեր Կեդրոնի դռները վերստին բացինք, կրթական մարզէն ներս  արդիւնաւէտ նախաձեռնութեան մը՝ ՆՈՎԱ ֆրանսերէն լեզուի ամառնային դասընթացներով օգտակար դառնալու մեր համայնքի մատղաշ սերունդին: Պէտք է արձանագրել, որ ՆՈՎԱն 2020-ին նշեց իր 5-ամեակը: Յարգելով թագաժահրի ընկերային հեռաւորութեան եւ մաքրութեան բոլոր օրէնքները, վեց շաբաթներու տեւողութեամբ մեր համայնքի ութսուն պարման-պարմանուհիներ Կեդրոն յաճախելով օգտուեցան այս ծրագրէն, բարելաւելով ֆրանսերէն լեզուի եւ թուաբանութեան գիտելիքները:

Դժբախտաբար, մեր աշխատանքին նոր թափ հաղորդելու ընթացքը կանգ առաւ Օգոստոսին 4-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառաւ, որուն զոհ գացին լիբանանահայեր եւ հայկական հաստատութիւններ: Պայթումի առաջին իսկ օրէն մեր Վարչութիւնը Գանատայի Կառավարութեան տարբեր օղակներուն վրայ ճնշում բանեցուց, որ արտակարգ իրավիճակի մէջ գտնուող Լիբանանի ժողովուրդը եւ յատկապէ’ս լիբանանահայութիւնը, մարդասիրական-կրթական կարեւոր օժանդակութիւն ստանան: Գոհունակութեամբ կը նշենք, որ մեր առաջադրած ծրագրերէն կարեւոր մաս մը որդեգրուեցաւ Գանատայի Դաշնակցային Կառավարութեան կողմէ: Այդ օրերուն, մեր Վարչութիւնը նաեւ կազմակերպեց մարդասիրական օգնութիւն Լիբանանի մէջ հարիւր կարիքաւոր ընտանիքներու համար:

Սեպտեմբեր 27-ին, հայոց երկնակամարը անգամ մը եւս մթագնեցաւ: Թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը մարմին առաւ զինուորական լայնածաւալ պատերազմով՝ Արցախ աշխարհի վրայ: Մեր կարելին ըրինք քաղաքական գետնի վրայ, Գանատայի Կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ (Նախարար, Խորհրդարանի անդամ, Պետական Գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչ) առցանց հանդիպումներով հանգամանօրէն քննարկելու Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ պարտադրուած թուրք-ազրպէյճանական վայրագ պատերազմը: Կ’արժէ յիշել, Արցախի ճանաչման կապակցութեամբ, մեր իսկ նախաձեռնութեամբ Լաւալի Քաղաքապետական Խորհուրդի ընդունած բանաձեւը, որը հովանաւորեց եւ Քաղաքապետ Մարք Տէմէրսի բարձր հաւանութեամբ իրականացուց,  Խորհուրդի հայազգի անդամ Արամ Էլակէօզ: Նահանգային մակարդակի վրայ մեր բարեկամական կապերու շնորհիւ կարելի եղաւ Քէպէքի Ազգային Ժողովին մէջ հնչեցնել թուրք-ազրպէյճանական այս սանձարձակ պատերազմը դատապարտող միացեալ բանաձեւ մը, հովանաւորութեամբ մեր Միութեան աջակիցներէն՝ Երեսփոխան Քրիսթին Սէն-Փիէրի: Դաշնակցային մակարդակի վրայ, 44 օրերու տեւողութեան կարելի չեղաւ համաձայնութիւն գոյացնել, Խորհրդարանէն ներս իշխող չորս կուսակցութիւններու միջեւ որպէսզի միացեալ  բանաձեւ որդեգրուէր: Սակայն կարողացանք շնորհիւ Ծերակուտական Լէօ Հուսաքոսի ներկայացնել բանաձեւ մը, որը զուտ քաղաքական-դիւանագիտական նկատառումներով չ’արժանացաւ Ծերակոյտի անդամներու զօրակցութեան: Պատերազմի աւարտին, ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց, ուր յստակ դարձուց մեր Միութեան տեսակէտը Նոյեմբեր 9, 2020-ին պատերազմի դադրեցման համար ստորագրուած խայտառակ, ոչ-հայանպաստ եռակողմ համաձայնագրի մասին:

Մարդկային զոհերը, անհետ կորածները,  պատերազմի գերիները եւ հողային տարածքներու ծանր կորուստները, սուգի եւ տխրութեան մատնեցին հայու հոգին: Բայց եւ այնպէս, հաւատքը Աստուծոյ եւ յոյսը հայ ժողովուրդին՝ կառչելով մեր ապրելու կամքի ամրութեան, հաստատակամ պիտի ըսենք, որ վաղուան բացուող արշալոյսը յաղթանակի նոր շողերով պիտի լեցնէ մեր երկնակամարը:

Շնորհակալութիւն մեր յանձնախումբերու անդամ-անդամուհիներուն, որոնք անցնող տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով օգնեցին մեզի իրականացնելու ՀԲԸՄի առաքելութիւնը: Շնորհակալութիւն մեր բարերարներուն, որոնք թագաժահրի առաջին իսկ օրէն անվերապահ վստահութիւն յայտնեցին մեզի եւ սատար հանդիսացան, որ օգնութեան հասնինք մեր համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Շնորհակալութիւն մեր բարեկամ քաղաքական գործիչներուն թէ’ Քաղաքապետական թէ’ Նահանգային եւ թէ’ Դաշնակցային մակարդակներու վրայ, որոնք զօրակցեցան Արցախին այս անողոք պատերազմին ժամանակ: Շնորհակալութիւն Միջազգային Կարմիր Խաչին, Գանատայի Արտաքին Գործերու, Միջազգային Զարգացման եւ Գաղթականական Հարցերու նախարարութիւններու տնօրէնութեանց, որոնք ե’ւ Լիբանանեան տագնապի ժամանակ ե’ւ Արցախեան պատերազմի օրերուն ընթացք տուին մեր ներկայացուցած  որոշ առաջարկներուն:

ՀԲԸՄը պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը Գանատայի մէջ թէ այլուր, յօգուտ հայ ժողովուրդին եւ ի բարօրութիւն Հայաստան, Արցախ աշխարհներուն: Յոյսով ենք, որ 2021 տարին բարի եւ լուսաւոր օրերով լեցուն կ’ըլլայ: