• ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ 2022

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ 2022

February 22, 2022

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ՀԲԸՄ ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ

Կիրակի, 20 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Կեդրոնէն ներս։ Ներկայ էին ՀԲԸՄ Մոնթրէալի Գործադիր Վարչութեան կազմն ու Յանձնախումբերու անդամները։

Նիստին բացումը կատարեց, Վարչութեան Ատենապետ Տիար Շահէ Թանաշեան: Յանուն Գործադիր Վարչութեան, Պրն. Թանաշեան ողջունեց բոլորին՝ բարձր գնահատելով յանձնախումբերու տարած աշխատանքը նախորդ երկու տարիներուն՝ համաճարակի պատճառած խիստ պայմաններու ընթացքին։ Ապա, իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ խօսեցաւ իր յանձնախումբի գործունէութեան մասին։ Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային կայանալիք նախաձեռնութիւններուն։
Կ’արժէ արձանագրել, որ 2022 թուականին ՀԲԸՄ Մոնթրէալի մասնաճիւղը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 65-ամեակը:

274176720_2070878203061895_8042220418592213019_n