• Christmas Bake Sale #4ARTSAKH

Christmas Bake Sale #4ARTSAKH

Date:December 5, 2020
Time:11:00 am
Website: https://agbumontreal.org/events/christmas-bake-sale-4artsakh/

ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԶՈՀ ԳԱՑԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ
Անցնող յիսուն օրերու ընթացքին, ազգովին ապրեցանք մեր ժամանակակից պատմութեան ամենադաժան օրերը: Առ ի հետեւանք թուրք-ազերիական հայատեաց քաղաքականութեան եւ ռազմական գործողութիւններուն՝ աւերուած է Արցախ աշխարհի մեծ մասը, որբացած են բազում մանուկներ, այրիացած են կանայք եւ որդեկորոյս դարձած՝ ծնողներ:
Առ այդ, օգնութեան ձեռք երկարելու համար Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ՀԲԸՄ Տիկնանց Յանձնախումբը կազմակերպած է ՝ CHRISTMAS BAKE SALE, Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2020, կ.ա. ժամը 11-էն կ.ե. ժամը 3:
Սոյն ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը, ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի ՀԲԸՄ Արցախ ֆոնտին: