• “Hayortyats Or” Saturday School
  • “Hayortyats Or” Saturday School
  • “Hayortyats Or” Saturday School
Menu

“Hayortyats Or” Saturday School

The “Hayortyats Or” Armenian Saturday School offers the children of our community an embracing environment to discover their heritage and culture, and lay a strong foundation for the future of our community.

Armenian Language, History, Armenian Dance, Music, Chess, Theater and Photography classes make up the curriculum.

Children aged 6-16 years are welcome to join this exciting new project.

The AGBU Hayortyats Or, in partnership with parents and community members, will prepare the next generation of Canadian-Armenians in preserving the Armenian language, culture and traditions, while focusing on character, knowledge and respect.

ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՕՐ

Ի՞նչ է Հայորդեաց Օր ծրագիրը՝

  • ՀԲԸՄի ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՕՐ ծրագիրը կուգայ համագործակցելու ծնողներուն, հայկական կազմակերպութիւններուն եւ համայնքի անդամներուն, պատրաստելու յաջորդ սերունդները անոնց ներարկելով հայերէն լեզու, հայեցի դաստիարակութիւն, ազգային պատմութիւն, մշակոյթ եւ աւանդութիւններ, հիմնուած անհատականութեան, իմացականութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ:
  • Մեր պատանիները գրկաբաց մթնոլորտի մէջ առիթը պիտի ունենան յայտնաբերելու իրենց մշակոյթը, պիտի հպարտանան իրենց նախահայրերու պատմութիւններով, այսպիսով՝ զօրաւոր հիմքերու վրայ կառուցելու մեր համայնքի ապագան:

 

Ի՞նչ նիւթեր կը դասաւանդուին՝

Հայերէն Լեզու, Մշակոյթ եւ Աւանդութիւններ , Թատրոն, Հայկական Պար, Երաժշտութիւն, Ճատրակ «շախմատ», Լուսանկարչութիւն:

 

Ո՞վ կրնայ դիմել՝

Ա. Խումբ՝  6-9 տարեկան մանուկներ «Աստղեր»։
Բ. Խումբ՝ 10-16 տարեկան պատանիներ եւ պարմանուհիներ:

Ո՞ւր եւ ե՞րբ տեղի կ’ունենան դասերը՝

Ամէն Շաբաթ օր՝  ժամը կ.ա. ժամը 9:30 էն – կ.ե. ժամը 2:30

ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Կեդրոն՝  805 rue Manoogian, Ville St-Laurent, QC  H4N 1Z5

 

Տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար դիմել՝

ՀԲԸՄ Կեդրոն 514-748-2428