June 11, 2020
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մոնթրէալի Մասնաճիւղը, Մարտ 2020-էն ի վեր կը շարունակէ մարդասիրական օգնութիւնները, թագաժահրի պատճառած դժուարին պայմաններուն տակ:
Այս շաբաթավերջին, Հայրերու Օրուան առիթով Միութեանս Կանանց Յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափար մը յղացաւ եւ իրականացուց Արարատ Բնակարաններէն ներս պատրաստելով, հիւրասիրելով աւանդական «մանթի»ն, որը անչափ գնահատուեցաւ Տան բոլոր բնակիչներուն կողմէ: Այս առիթով, Կանանց Յանձնախումբի անդամները նուէրներ յանձնեցին հայրերուն եւ արեւշատութեան, բարօրութեան ու քաջառողջութեան մաղթանքներ փոխանցեցին բոլորին:
Ձեռնադաշնակի (accordion) երաժշտական մատուցումով Պրն. Գրիգոր Տէտէեան խանդավառեց մթնոլորտը, երգ ու պարով: Բնակիչները իրենց պատշգամներէն ծափողջոյններով, գնահատանքի խօսքերով, շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀԲԸՄիութեան այս ազնիւ նախաձեռնութեան համար:
#agbuinunity #inunityisstrength #agbugiving #covid19 #humanitarianrelief #emergencyrelief #allinthistogether #fightfoodinsecurity