Հանդիպում Գանատայի Արտաքին Գործերու Նախարար Մելանի Ժոլիի հետ

December 22, 2021

269943047_2025724284243954_2997575133052515195_n
Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Գանատայի Արտաքին Գործերու Նախարարուհի Մելանի Ժոլին առցանց հանդիպում մը ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն մաս կազմեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ՀԲԸՄ Գանատայի Մարմինը:

Հանդիպման ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուեցան Գանատա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւններուն որակական նոր թափ հաղորդելու հրամայականը, Արցախեան հիմնահարցի կարեւորագոյն հանգամանքները (Գերիներու վերադարձ, Կարգավիճակ, ԵԱՀԿ ձեւաչափ), ինչպէս նաեւ՝ տարածաշրջանէն ներս Գանատական դիւանագիտութեան հաւանական դերին եւ գործօն ներկայութեան առնչուող պատկերացումներ:

Նախարար Ժոլին բարձր գնահատեց գանատահայութեան ունեցած դերակատարութիւնը եւ յոյս յայտնեց միասնական ճիգերով ամրապնդելու Գանատա-Հայաստան բարեկամութիւնը: Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց՝ բոլորի մասնակցութեան եւ շահեկան զրոյցի համար: